ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՐԻԶ

Նախորդ տարուան յաջողութենէն ետք

կոչ

2-րդ բանաստեղծական մրցումին նուիրուած՝

Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակին

Կիրակի 8 Մարտ 2020-ին

դպրոցական տարիք ունեցող Ֆրանսայի բոլոր պատանիներու եւ պարմաններու համար:

 

Իւրաքանչիւր աշակերտի կ՛առաջարկենք 2 բանաստեղծութիւն՝ մէկը պարտադիր իսկ միւսը ազատ:

Պարտադիր բանաստեղծութիւններն են.

– 8-12 տարեկան՝ Յովհաննէս Թումանեանի. «Հին Օրհնութիւն»ը:

– 13-17 տարեկան՝ միշտ Յովհաննէս Թումանեանէն. «Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութիւնը:

 

Ազատ բանաստեղծութիւններու ընտրութիւնը պայման չէ, որ ըլլայ նոյն հեղինակէն: Կարելի է ընտրել արեւելահայ կամ արեւմտահայ քերթողներէ:

Սոյն Մրցումը տեղի կ՛ունենայ.

Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տուն

17, Rue Bleue – 75009 PARIS – Metro Cadet

Մրցումը կը սկսի ժամը 15-ին

 

Արձանագրութիւններու վերջին պայմանաժամն է Չորեքշաբթի 26  Փետրուար 2020

Այլ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեանց համար կարելի է հեռաձայնել՝

Արփի. 06 25 40 70 44

Ռոզիկ. 06 66 70 74 17

Նոնիկ. 06 85 24 44 43