Համազգայինի Հօ տը Սէնի մասնաճիւղը ձեզի կ’առաջարկէ յատուկ մանուկներու համար պատրաստուած հայերէն այբուբենի որմնազդ մը։ Այս «Մանկական այբուբենին» մէջ պզտիկները կը տեսնեն գիրերը, պատկերազարդումի հերոսները եւ այլ տարրերը, որոնք միասին կը կազմեն ամբողջ որմնազդին պարագիծով ընթացող պատմութիւնը։ Որմնազդին վարի անկիւնը տեղադրուած արագ արձագանգումի ծածկագիրին (flashcode, QR code) շնորհիւ կարելի է ներբեռնել եւ տպել զայն եւ գործածել մանկական զանազան խաղերու եւ վարժութիւններու մէջ։

A1 (84,1 x 59,4 սմ) չափի այս որմնազդը Համազգային Հօ տը Սէնի եւ Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամի համագործակցութեան արդիւնքն է։

Գին՝ 5 €

Տեղեկութիւններ՝ hautsdeseine@hamaskaine.org • Հեռ. 06 61 43 17 65