Համազգայինի երիտասարդական 3-րդ հաւաքը Եւրոպայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Մարսէյ, 3-էն 5 նոյեմբեր 2023-ին: 18-էն 28 տարեկան հայ երիտասարդները առիթը պիտի ունենան բացառիկ փորձառութիւն մը ապրելու եւ իրենց մշակոյթին աւելի մօտէն ծանօթանալու, մասնակցելով հանրածանօթ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու աշխատանոցներուն: Պիտի կարենան նաեւ մասնակցիլ Մարսէյի մշակութային հարուստ կեանքին:
Ձեզ կը սպասենք Մարսէյ՝ 3-էն 5 նոյեմբեր 2023-ին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ՝ https://www.youthlinkseurope.org/hy/