28 մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ խումբ մը մտաւորականներու կողմէ ստեղծուած «Համազգային Հրատարակչական ու Մշակութային Ընկերակցութիւնը» դարձաւ աշխարհատարած միութիւն մը։
1933 դեկտեմեր 22ին կը կազմուի Ֆրանսայի « Համազգային » կեդրոնական մարմին մը, որ պիտի համադրէ ամբողջ Ֆրանսայի կազմակերպական գործը զանազան շրջաներուն մէջ , Փարիզ, Շաւիլ, Ալֆորվիլ, Լիոն, Վէին, Սէն-Մորիս, Մարսէյ :
Այս շրջաներէն ներս կը տարուի հայ լեզուի պաշտպանութեան աշխատանք եւ մշակութային ձեռնարկներ, ինչպէս Լիոնի « կիրակնօրեայ լսարանը » ուր կը կատարուին հայ մշակոյթի շուրջ հաւաքոյթներ :
80-ական թուականերուն, միութիւնս կը վերականքնի Փարիզի մէջ, կը կազմուի մասնաճիւղ մը մեծամասնութեամբ միջին Արեւելքէն եկած, Ճեմարան աւարտած երիտասարդներէ :
1982-ին կը հիմնուի Դիմակ թատերախումբը, որ կը բեմադրէ հայերէն լեզուով շատ մը հայ կամ օտար թատերական երկեր :
Այսօր ,Փարիզի մասնաճիւղը, կազմուած 45 անդամներէ, կը գործէ Հայ Մշակոյթի Տան մէջ ,17 Պլէօ փողոց, Փարիզի 9-րդ թաղամաս: Ան աշխուժ ներկայութիւն է շրջանի մշակութային կեանքին մէջ, կը կազմակերպէ դասախօսութիւներ, գրքի եւ ֆիլմի ներկայացումներ, համերգներ փոքրերու արտասանական մրցումներ…: Փարիզի մասնաճիւղը կը գործակցի շրջանի ուրիշ միոթիւներու հետ եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համազգայինի ընդհանուր նախաձեռնութիւներուն յաջողութեան համար , Համազգայինի դպրոցներ, Մարսէյի ճեմարան եւ Իսի Լէ Մուլինօ-ի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարան, երիտասարդական հաւաքներ Ֆորոմ՝ եւ youthlink, գրատարած…