Շատ մը երկիրներ իրենց ճամբորդական ուղեցոյցերը ունին։ Հայ սփիւռքին մէջ զանազան ճամբորդութիւններուն ընթացքին, հեղինակը որոշեց Հայ համայնքներուն մասին գիրք մը գրել, որ ամբողջ աշխարհը պարփակէ։ Little Armenias գիրքը ձեզ կը ծանօթացնէ Հայերու՝ որոնք կ՚ապրին 94 երկիրներու մէջ։ Հեղինակը անձամբ այցելած է 70 երկիրներու եկեղեցիները, ճաշարանները, խաչքարները, նպարավաճառները… Պատմական եւ աշխարհագրական տուեալներ տրուած են համայնքները աւելի լաւ հասկնալու համար։
Շատ մը Հայաստանցիներ կան Սփիւռքահայեր կ՚ուզեն գիտնալ Հայեր կ՚ապրի՞ն իրենց այցելած քաղաքներուն մէջ, թէ՞ ոչ։ Եթէ այո, ո՞վ են, ուրկէ՞ կու գան, ո՞ւր կարելի է իրենց հանդիպիլ։ Little Armenias-ին առաքելութիւնը այս հարցումներուն պատասխանելն է բոլորին համար հասանելի գիրքի մը մէջ։
Եկէք հանդիպեցէք Ռոպին Գուլաքսըզեանին Ուրբաթ 14 յունիս 2019-ին, ժամը 20։00-ին, Հայ մշակոյթի տան մէջ, 31 Պուրկէն պողոտայ, 92130 Իսի լէ Մուլինօ։