Մայիս 28-ը կը խորհրդանշէ Հայաստանի առաջին անկախութեան տարեդարձը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի հիմնադրութեան 91-ամեակը։
Այս օրը նշուեցաւ Ճեմարանի բակին մէջ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու ներկայութեան եւ անոնց միասնական պարի մթնոլորտի մէջ։ Հայկական խորովածը ամբողջացուց հայաշունչ մթնոլորտը։
Տեղի ունեցաւ տաղանդներու ներկայացման (Talent show) հանդէսը՝ պարով, երգով, դերասանութեամբ եւ մարզիկներու ներկայացումներով։