Մարսէյի Համազգայինի դպրոցի տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 7 Յունիս, 2019-ին։
Օրուայ հովանաւորն էր դպրոցին բարեկամ՝ Տէր. եւ Տիկ. Ալէն Քասքասեան, ընտանիք մը որ միշտ նեցուկ
կանգնած է Համազգային դպրոցին։
Ներկայ էին, Մարսէյի քաղաքապետարանի եւ 11-12րդ շրջանի երեսփոխաններ ինչպէս նաեւ
քաղաքապետարանի վաճառանական ձեռնարկներու ներկայացուցիչ Պրն. Տիտիէ Փարաքեան։
Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան Եւրոպայի պատասխանատու ընկհ. Սելլա
Թնճուկեան, դպրոցի հիմնադիրներէն Պրն. Ատոմ թնճուկեան, Մարսէյի դպրոցի խնամակալութիւնը, Courant
d’Art-ի անձնակազմը եւ աւելի քան 200 հիւրեր։
Նախ քան հանդիսութիւնը՝ դպրոցի շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ապա հիւրերը ուղղուեցան
դպրոցէն ներս դասարան մը քնքելու Անահիտ Տէր Մինասեան անունով՝ Տէր Արշէն Մովսէսեանի
օրհնութեամբ։
Ժամը ինին ներկաները առաջնորդուեցան դպրոցի սրահէն ներս ընթրիքի։ Երեկոյի հանդիսավար Պրն. Ռաֆֆի
Քուդսուզեան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց Պրն Ժիլպեր Մարքօեան որ ներկայացուց
պատուոյ սեղանի հիւրերը եւ մասնաւորապէս յիշեց Մարսէյի մէջ Քասքասեան ընտանիքի մտերմութիւնը
Աւետիս Ահարոնեանի հետ եւ անոնց ցուցաբերած հոգատարութիւնը երբ ան հիւանդ էր։
Պրն. Քասքասեան իր խօսքի մէջ ըսաւ որ դպրոցին զօրավիգ կանգնիլը ոչ միայն պարտականութիւն է այլ նաեւ
հաւատք. ան գնահատեց դպրոցի յառաջդիմութիւնը, շեշտեց մասնաւորապէս կարեւորութիւն տալ նաեւ
երիտասարդներու մարմնամարզին։
Ապա, խօսք առաւ՝ ընկհ. Սելլա Թնճուկեան. նախ վերյիշեց Համազգայինի 90 ամեակի հանդիսութիւնէն
յուզիչ դրուագներ որը տեղի ունեցած էր 2018-ին Հայաստանի մէջ։ Ներկայացուց Եւրոպայի Համազգայինի
մասնաճիւղերու գործունէութիւնները եւ յոյս յատնեց մշակութային աշխատանք տանիլ այլ եւրոպական
երկիրներու մէջ ուր հայեր արտաքաղթած են։ Ընկերուհին աւելցուց որ միասնական ձեռնարկներու
ծրագրաւորումի աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են։
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը իր եզրափակիչ պատգամին մէջ գնահատեց
դպրոցի խնամակալութեան անձնակազմի եւ Courants dArt-ի մշակութային աշխատանքները, յիշեց նախկին
տնօրէններէն Պրն Յակոբ Պալեանի եւ Տիկ Լուսին Մալիքեանի ներդրումը դպրոցէն ներս եւ մասնաւորապէս
իր գնահատականը տուաւ Սեդա Պիւպերեանի տարիներու տնօրինութեան վաստակին որ շուտով հանգստեան
պիտի կոչուի։
Ան յոյս յատնեց որ նոր տնօրէնուհի Շաքէ Ժամկոչեանի ստանցնումով դպրոցը նոյն յանձնառութեամբ պիտի
շարունակէ Համազգայինի հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը։
Երեկոն շարունակուեցաւ սրտաբուխ նուիրատուներու երկար ցանկով մը որուն գումարը հասաւ 93.000
եւրօյի։
Օտար քաղաքական ներկայացուցիչները լաւ տպաւորութեամբ եւ գնահատականով մեկնեցան Համազգայինի
տարէկան ճաշկերոյթի երեկոյէն իսկ համազգայինի բարեկամները մեծ գոհունակութեամբ։