Լիբանանի մէջ տիրող աննախընթաց տնտեսական տագնապին բերումով, Համազգայինի Ճեմարան կրթական համալիրը աւելի քան երբեւէ պէտք ունի մեր աջակցութեան իր կրթական եւ մշակութային առաքելութիւնը իրագործելու համար:
«Զօրակցինք Ճեմարանին» դրամահաւաքը կազմակերպուած է Համազգայինի Ֆրանսայի մասնաճիւղերուն կողմէ: Ձեր նուիրատուութեան 66%-ը կրնայ զեղչուիլ ձեր տուրքերէն. Ձեզի CERFA ստացագիր մը պիտի տրուի: Նուիրատուութիւնները պիտի կուտակուին Համազգային Հօ տը Սէն մասնաճիւղին կողմէ:
Ներբեռնել նուիրատուութեան յայտը