Ահաւասիկ ընտրանի մը պզտիկներու համար արեւմտահայերէն առցանց անվճար աղբիւրներու: Եթէ առաջարկներ ունիք այս էջը հարստացնելու համար, գրեցէք ելգիրի հետեւեալ հասցէին՝  hautsdeseine@hamaskaine.org

Ալիք Արզումանեանը կը պատմէ…

Ալիք Արզումանեանը գրող, նկարազարդող, ձեւաւորող եւ ուսուցչուհի է: Մեզի կը մատուցէ պատկերազարդ գիրքերու շա՛տ հաճելի ընթերցումներ:

Ալիք Արզումանեանի YouTube-ի կայքը

Բարեւ Արեւ

Անահիտ Սարգիսեանը գրող, նկարազարդող եւ ուսուցչուհի է: Անահիտը եւ իր խմբակը շատ համակրելի շարժապատկերներ կը պատրաստեն՝ ներշնչուած Անահիտի գիրքերէն:

«Բարեւ Արեւ»-ի YouTube-ի կայքը

Ողկոյզ

Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները կամ Լեւոն Շանթի «Մանկական աշխարհ» դասագիրքերէն քաղուած պատմուածքներ շատ գեղեցիկ ձեւով ընթերցուած են «Ողկոյզ մը պատմուածք» շարքին մէջ:

«Ողկոյզ»-ը Soundcloud կայքին մէջ

Լալան ու Արան

Համազգայինի «Լալան ու Արան» խմբակը պզտիկներուն կ’առաջարկէ խաղեր՝ սորվեցնելու համար գիրերը, գոյները եւ ձեւերը: Խաղերը կարելի է ներբեռնել Google Play-էն եւ App Store-էն:

«Լալան ու Արան» կայք

 

Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին ձայնաւոր գրադարանը

Համազգայինի Սան ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը կ’առաջարկէ հայ գրողներու գործերէն ընթերցումներ, պզտիկներու եւ մեծերու համար:

Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին ձայնաւոր գրադարանը

«Փթիթ մանկապատանեկան կայք»

Փթիթ կայքին մէջ պիտի գտնէք յօդուածներ, պատմութիւններ, առակներ, ժպիտներ, հանելուկներ եւ զանազան տեսակի խաղեր – լեզուական, թուաբանական, տրամաբանութեան եւ ժամանցի:

«Փթիթ»-ի կայքը

«Փոքրիկ – Հեքեաթարան»

Փոքրիկ-ի խմբակը առցանց կը տրամադրէ հայկական կամ միջազգային հեքիաթներու շարժապատկերներ եւ խաղեր:

«Փոքրիկ»-ի կայքը