Հեռո՜ւն, հեռո՜ւն, իմ անտառիս մէջ կ’ապրին բոլոր ընկերներս: Գիշերը միայն բուն ու գայլը կը սիրեն երկար արթուն մնալ ու միասին խաղալ: Երբ գարունը գայ, ես կ’երթամ համեղ դեղձ եւ վայրի ելակ հաւաքելու եւ կը լեցնեմ իմ զամբիւղս: Ահա կամաց-կամաց կը մօտենայ գիւղին էշը՝ գետին ինկած ընկոյզները կոխկռտելով: Ես շատ կը սիրեմ մեծ թիթեռնիկներուն հետ պահուըտուք խաղալ. բայց ի՜նչ դժուար է գտնել զանոնք երբ ժայռերուն ետեւ կը պահուըտին: Գիտէ՞ք օր մը ի՛նչ պատահեցաւ. պզտիկ իշուկն ալ եկաւ անտառս այցելելու եւ կապոյտ լճակին մօտեցաւ, խխունջներուն դանդաղ շարժումները դիտեց եւ ծիծեռնակներուն երգը մտիկ ըրաւ: Կատուն ու հաւն ալ մօտեցան եւ իշուկին հետ դիտեցին լճակին գունաւոր ձուկերուն խաղը: Գիտէ՞ք օր մը ի՛նչ գտայ իմ անտառիս խորերը. ինքնաշարժի ղեկ մը. ի՛նչ տարօրինակ բան: Ճանճերն ու մրջիւնները անդադար կը շարժին. անոնք նոյնիսկ գիւղ կը հասնին՝ յարդի դէզէն շիւղեր հաւաքելու: Փափուկ նապաստակները հոս-հոն կը ցատկռտեն, եւ երբ շունը մօտենայ, արագ կը փախչին, մինչ փշոտ ոզնիները պահուըտած կը մնան: Երբ արեւը մար մտնէ, չղջիկները ծառերուն միջեւ կը թռին, իսկ երբ արեւը ծագի, մեծ պիծակը ծաղիկէ ծաղիկ կը պտտի: Անտառիս ջրվէժին տակ բազմաթիւ կենդանիներ լոգանք կ’առնեն: Երանի ռնգեղջիւր մըն ալ գար օր մը: Մինչ սարդը ոստայն շինելով զբաղած է միշտ, մեղուները գեղեցիկ վարդենիին շուրջ կը բզզան: Օր մը, երբ առտուն շա՛տ կանուխ անտառ գացած էի գետին ինկած համեղ, կանաչ տանձերը հաւաքելու, րոպէ մը ինծի թուեցաւ, թէ մէկը ադամանդներ շարած էր տերեւներուն վրայ. բայց անոնք ցօղեր էին: Թութ ուտել շա՛տ կը սիրեմ, եւ օր մը հաւաքած ատենս ձեռքս փուշ մտաւ: Ցաւէն վեր ցատկեցի. յանկարծ տեսայ, որ քարայրի մը մէջէն երկար եւ բարակ օձ մը դուրս եկաւ եւ շուտով անհետացաւ ֆշֆշալով: Եկէ՛ք իմ այս գեղեցիկ անտառիս մէջ բոլոր ընկերներուս հետ խաղանք:

Նարօտ