ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՐԻԶ Նախորդ տարուան յաջողութենէն ետք կոչ 2-րդ բանաստեղծական մրցումին նուիրուած՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակին Կիրակի 8 Մարտ 2020-ին դպրոցական տարիք ունեցող Ֆրանսայի բոլոր պատանիներու եւ պարմաններու համար: Իւրաքանչիւր աշակերտի կ՛առաջարկենք 2 բանաստեղծութիւն՝ մէկը պարտադիր իսկ միւսը ազատ: Պարտադիր բանաստեղծութիւններն են. – 8-12 տարեկան՝ Յովհաննէս Թումանեանի. «Հին Օրհնութիւն»ը: – 13-17 տարեկան՝ միշտ Յովհաննէս Թումանեանէն. «Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութիւնը: Ազատ բանաստեղծութիւններու ընտրութիւնը պայման չէ, որ ըլլայ նոյն հեղինակէն: Կարելի է ընտրել արեւելահայ կամ արեւմտահայ քերթողներէ: Սոյն Մրցումը տեղի կ՛ունենայ. Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տուն 17, Rue Bleue – 75009 PARIS – Metro Cadet Մրցումը կը սկսի ժամը 15-ին Արձանագրութիւններու վերջին պայմանաժամն է Չորեքշաբթի 26 Փետրուար 2020 Այլ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեանց համար կարելի է հեռաձայնել՝ Արփի. 06 25 40 70 44 Ռոզիկ. 06 66 70 74 17 Նոնիկ. 06 85 24 44 43 PartagerShare with FacebookShare with TwitterShare with WhatsApp