Բռնի ուժով տեղահանուած եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ ապաստանած արցախցի մանուկներուն օժանդակելու համար Համազգայինը արդէն իսկ սկսած է հետեւեալ աշխատանքներուն իրագործումին.
- Հոգեբանական աջակցութիւն արցախցի մանուկներուն` մասնագէտ հոգեբաններու հետ հանդիպումներով։
- Սերտողութիւն դպրոցի ժամերէն ետք։
- Արուեստի խմբակներու կազմութիւն` մանուկներուն առօրեան բարելաւելու եւ անոնց օգտաշատ ժամանց ապահովելու համար։
- Անհրաժեշտ պիտոյքներու, խաղալիքներու եւ գիրքերու ապահովում,
- Արցախի բարբառի պահպանում` կազմելով Արցախի թատերական խումբ, որ Արցախի Տիկնիկային թատրոնին հետ գործակցաբար պիտի շրջի արցախցի մանուկները պատսպարած շրջաններուն մէջ։
- Երեւանի մէջ զանազան թանգարաններու հետ միացեալ մշակութային ծրագիրներու իրականացում։
Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք բերել այս ծրագիրներուն իրականացումին:
Ձեր նուիրատուութիւնը Ձեր տուրքերէն կը նուազեցուի 66%-ով։ CERFA ստացագիրները կը տրամադրէ Համազգային Հօ տը Սենը (Իսի լէ Մուլինօ)։
Ներբեռնել նուիրատուութեան թղթիկը