Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը կեանքի կոչեց Կապոյտ տնակ աշխատանոցը, փոքրերուն ՝ հայ լեզուն եւ մշակոյթը հասանելի դարձնելու համար։Ընդառաջելով երիտասարդ ծնողներու խնդրանքին, մասնաճիւղս, հակառակ COVID- ի անորոշ վիճակին, մշակեց այս ծրագիրը։Սոյն ծնողները ,ժամանակին, յաճախած էին շաբաթօրեայ հայկական վարժարանի դասընթացքներ եւ կը փափաքէին բերել իրենց զաւակները Հայ Մշակոյթի տուն :Սեպտեմբեր 2021-էն իվեր,Կապոյտ տնակ արձանագրուեցան14 երեխաներ ,2 -էն 7 տարեկան:Աշխատանոցը տեղի կ՛ունենայ ամէն շաբաթ օր, ժամը 15:30-էն 17:30-ին ,Փարիզի հայ մշակոյթի տունը :երեխաները կը զարգացնեն իրենց երեւակայութիւնը մանկական երգերով ,խաղերով ,երաժշտութեամբ, ձեռային աշխատանքներով։Ներկայիս ունինք մանկավարժ ուսուցիչ եւ աշխատանոցի զբաղումները վարող պատասխանատու մը ,որոնց կ՝ընկերանան հայախօս 4 երիտասարդ Ճեմարանաւարտ օգնականներ ,վարչական խորհուրդի անդամներու հսկողութեան տակ:Երեխաները ուրախութեամբ կուգան ամէն շաբաթ օր եւ խանդավառ կը մասնակցին աշխատանքներուն:Յոյսով ենք ,որ առողջապահական վիճակը արգելք չհանդիսանար շարունակելու համար ծրագիրը:



