Համազգայինի Հօ տը Սէնի մասնաճիւղը յատուկ մանուկներու համար պատրաստուած հայերէն այբուբենի որմնազդ մը (َA1 չափ, 10 €) կը վաճառէ։ Այս «Մանկական այբուբենին» մէջ պզտիկները կը տեսնեն գիրերը, պատկերազարդումի հերոսները եւ այլ տարրերը, որոնք միասին կը կազմեն ամբողջ որմնազդին պարագիծով ընթացող պատմութիւնը։ Որմնազդին վարի անկիւնը տեղադրուած արագ արձագանգումի ծածկագիրին (flashcode, QR code) շնորհիւ կարելի է ներբեռնել եւ տպել զայն եւ գործածել մանկական զանազան խաղերու եւ վարժութիւններու մէջ։
Գոյացած գումարը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Համահայկական հիմնադրամին՝ ի նպաստ Արցախի:
Տեղեկութիւններ՝ hautsdeseine@hamaskaine.org • Հեռ. 06 61 43 17 65