(1875-1947)

Ծնած է Թիֆլիս 1875-ին: Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին ու Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ միեւնոյն ժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրին գրական – քննադատական յօդուածներով: Հետեւած է նաեւ համալսարանական կարգ մը դասընթացքներու Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի մէջ: 1909 – 1912 վարած է Թեհրանի ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը: Որպէս կուսակցական գործիչ մասնակցած է Հ.Յ.Դ. ընդհանուր ժողովներու, եղած է Ազգային Խորհուրդի եւ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմնի անդամ: Աւելի ուշ՝ 1918-ին Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումէն վերջ, ընտրուած է Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ: 1919-ին նշանակուած է լուսաւորութեան նախարար եւ իր ջանքերով 1920 Յունուար 31-ին բացուած՝ Հայաստանի համալսարանը Ալեքսանդրապոլի մէջ, Գիւմրի:

1921-ին, Հայաստանի Խորհրդայնացումէն վերջ Լ. Շանթի, Հ. Օհանջանեանի եւ այլ պետական ու մշակութային դէմքերու հետ բանտարկուած է Փետր. 9-18, ուրկէ ազատած է Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ ու անցած Պարսկաստան, ապա՝ Եգիպտոս, ուր զբաղած է մանկավարժական եւ մշակութային գործունէութեամբ:

1923-էն 1928 կը վարէ Աղեքսանդրիոյ Ազգային Վարժարանի տնօրէնութիւնը: 1928-ին, հիմնադիրներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան եւ անմիջապէս յետոյ, Լեւոն Շանթի հետ, հիմնադիրը՝ Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին:

Նիկոլ Աղբալեան, մինչեւ իր մահը, կ’ըլլայ անմիջական գործակիցը Լեւոն Շանթի, դասաւանդելով Հայ Գրականութեան Պատմութիւն եւ գրաբար, միեւնոյն ժամանակ աշխատակցելով Հայ Մամուլին, բանասիրական եւ գրական – քննադատական յօդուածներով:

Ն. Աղբալեան կը մահանայ Պէյրութ, 15 Օգոստոս 1947-ին: