Համազգայնական»շատ հարազատ ,մտերմիկ եւ տաքուկ մթնոլորտ մը կը տիրէր այդ յետ միջորէին 17 Դեկտեմբեր 2022 ին ,Փարիզի հայ մշակութային տան մէջ։

  Համազգայինի Փարիզի միօրեայ աշխատանոցին «Կապոյտ Տնակ»ի նոր տարուայ եւ ծննդեան նախատօնանքն էր ։
Ուսուցչուհի Ռօզին Թաշճեանի « խաղաղ գիշեր» մեներգութեամբ ստեղծուած  խորհրդաւոր մթնոլորտինմէջ ,երեխաները մէկ առ մէկ մօտեցան մսուրին իւրաքանչիւրը իր տեղը գրաւելու։
     Անոր յաջորդեցին Կաղանդ Պապուկին նուիրուած երեք խմբային երգեր,Կաղանդ պապուկի ժամանումը եւ իր բերած նուէրներու բաշխումը։
  Հանդիսութեան  Ներկայ էին ծնողները ,հարազատներ եւ բարեկամներ։
  Ձեռնարկը վերջ գտաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ մը։