Ամէն Չորեքշաբթի, ժամը 12:00-էն մինչեւ 13:30, մեր դպրոցի ճաշարանին դռները բաց պիտի ըլլան հանրութեան: Հրաւիրուած էք բոլորդ ձեր ընտանիքներով եւ ընկերներով, վայելելու մեր խոհարարին պատրաստած համադամ ճաշերը: Աղանդներէն սկսեալ ու հասնելով մինչեւ անուշեղէններուն… Մէկ խօսքով իսկա՛կան խնճոյք:

Ուրեմն՝ ալ մի՛ տատամսիք, կը տեսնուինք Չորեքշաբթի, միասնաբար հաճելի ժամանակ մը անցնելու մեր սիրելի դպրոցէն ներս: