Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) տեղի պիտի ունենայ Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ, Յուլիս 7-19, 2023-ին։ 17-24 տարեկան հայ ուսանողներ, աշխարհի զանազան կողմերէն կրնան մասնակցիլ այս ծրագրին։ Անոնք ընկերային հաճելի ծանօթութիւններու կողքին պիտի ծանօթանան Հայաստանին, հայ մշակոյթին, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ արուեստի եւ կրթութեան զանազան կեդրոններ պիտի այցելեն։

Յաւելեալ տեղեկութիւններ՝ https://hamazkayinforum.org/hy