Յետայայսու, Համազգայինի աշակերտները կրնան արձանագրել իրենց անունները գրադարանի պատասխանատուին մօտ, մասնակցելու «խաղերու ժամ»ին: Այս ուրախ առիթով կ՛առաջարկենք զանազան տեսակի խաղեր, որպէսզի կարենան հաճելի մթնոլորտի մէջ խումբով աշխատիլ, մտածել, խաղալ ու զուարճանալ:

Մեր աշակերտներուն ամենասիրած խաղերն են՝ Հայկական բառախաղն ու «թաւլա»ն: