Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանը 11 Փետրուար, 2019-ին, կազմակերպած էր մեծարանքի երեկոյ մը նուիրուած պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանի յիշատակին։

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Ճեմարանի տնօրէնուհի եւ հանգուցեալի մտերիմ՝ Սեդա Պիպերեանը։

Ապա խօսք առին այլ հիւրեր, որոնք իրենց վկայութեամբ եւ յուշերու պատումով վեր առին Անահիտ Տէր Մինասեանի ունեցած գուրգուրանքն ու սէրը հանդէպ Ճեմարանին, գրականութեան, հայ դպրութեան եւ ընդհանրապէս հայ համայնքին։

Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները ընթերցեցին մեծ պատմաբանի գործերէն 3 հատուածներ՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։

 

Յ.Գ. ­ «Հայաստան» անունը կրող թերթին մէջ կարելի է գտնել ձեռնարկի մանրամասն թղթակցութիւնը, որ շարադրուած է Ճեմարանի շրջանաւարտի մը կողմէ։