Համազգայինի Հօ տը Սէնի մասնաճիւղը հիմնուած է հոկտեմբեր 2018-ին եւ կը կազմէ մշակութային ստեղծագործութեան եւ հարստացման յանձնառու, հայ ինքնութեան հասարակաց դրական եւ լայնամիտ տեսլական ունեցող անձերէ կազմուած այս միջազգային ցանցին նոր մէկ օղակը։
Մասնաճիւղին նպատակն է
- Մշակել հայեցի կրթութեան եւ հայ մշակոյթի սատարման քաղաքականութիւն եւ զայն կիրառել յատկապէս Հօ տը Սէնի բնակչութեան ծիրէն ներս,
- Զօրավիգ կանգնիլ Իսի լէ Մուլինոյի «Համազգային–Թարգմանչաց» վարժարանին՝ կրթական եւ մշակութային զանազան նախագիծերու ընդմէջէն,
- Մանուկներու եւ պատանիներու ուղղուած հայալեզու ու հայ մշակոյթը վեր հանող ուսուցողական նիւթեր պատրաստել,
- Նպաստել հայերէնի եւ հայ մշակոյթի յառաջ մղումին եւ անոր աւանդումին մանուկներու, պատանիներու եւ չափահասներու՝ տարբեր նախագիծերու եւ ձեռնարկներու ընդմէջէն, յատկապէս Հօ տը Սէնի բնակչութեան ծիրէն ներս։
- Իր շուրջը հաւաքել «Համազգային»-ի կրթական ու մանկավարժական մեթոտներով հետաքրքրուած անձեր, յատկապէս Հօ տը Սէնի բնակիչներ կամ հոն աշխատողներ։
«Համազգային»-ի Հօ տը Սէնի մասնաճիւղին նստավայրը Իսի լէ Մուլինոյի Հայ տունն է՝ 31 Պուրկէն պողոտայ, 92140 Իսի լէ Մուլինօ։
Մասնաճիւղը պզտիկներու թէ մեծերու համար կանոնաւոր կերպով տեղի ունեցող ձեռնարկներ կ՚առաջարկէ. «Հեքիաթի ժամ» 3-7 տարեկան մանուկներու համար, հայերէնով, հեղինակներու հետ հանդիպումներ, համերգներ… Ան նաեւ իր աջակցութիւնը կը բերէ «Համազգային–Թարգմանչաց» վարժարանի մանուկներու եւ պատանիներու համար կազմակերպուող հայերէնի շաբաթօրեայ դասընթացներուն։ Մասնաճիւղը նաեւ Ալֆորուիլի Հայ տան հետ գործակցաբար կը կազմակերպէ «Արմէն Լիվր» գիրքի ամենամեայ ցուցահանդէսը, որ տեղի կ’ունենայ դեկտեմբեր ամսուն «Համազգային–Թարգմանչաց» վարժարանին մէջ։ «Համազգային»-ի Հօ տը Սէնի մասնաճիւղը նաեւ պզտիկներու համար հայերէնով ուսուցողական նիւթեր կը պատրաստէ, ներառեալ հայերէն այբուբէնի որմնազդեր։
Մասնաճիւղը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համազգայինի համաշխարհային ցանցի բոլոր միաւորներուն ընդհանուր գործունէութեան եւ նախագիծերուն եւ կը համագործակցի Ֆրանսայի միւս մասնաճիւղներուն հետ՝ համաֆրանսական ձեռնարկներ կազմակերպելու համար։
Հետեւեցէք մեր գործունէութեան մեր կայքին եւ ֆէյսպուքի էջին ընդմէջէն։ Կրնաք նաեւ բաժանորդագրուիլ մեր Բանբերին։
Մեր դռները բաց են բոլոր անոնց առջեւ, որոնք կ՚ուզեն իրենց ներդրումը բերել այս համազգային գործին։ Անդամ դառնալու կամ մեր ձեռնարկներուն մէջ մաս ունենալու համար գրեցէ՛ք մեզի hamaskaine.hds@gmail.com հասցէին։
Իսի լէ Մուլինոյի Թարգմանչաց վարժարանը հիմնուած է 1996-ին, շնորհիւ մասնաւորաբար քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի աջակցութեան, Զատիկ Ասլանեանի եւ Վիգէն Կարապետեանի իրագործած աշխատանքին, եւ հայ համայնքին եւ կրօնական ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներուն օգնութեան։ Վարժարանը միացաւ Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան դպրոցներու ցանցին դեկտեմբեր 2015-ին, երբ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Թարգմանչաց դպրոցի վարչութեան միջեւ, եւ այսուհետեւ կը կոչուի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարան։
Մօտ 3000 քառ. մեթր տարածութիւն գրաւող մեր երեք յարկանի դպրոցը բաղկացած է 15 մեծ դասարանէ, բազմաթիւ գործածութիւններու պատշաճեցուած մէկ սրահէ, մէկ ծաւալուն ներքին բակէ եւ մէկ արտաքին զբօսանքի բակէ: Փոքրիկներուն յատկացուած տարածքին գետինը ձգախէժով պատուած է՝ անոնց անկումները մեղմելու համար: Սրահները կը բաւարարեն «հասարակութիւն ընդունող երրորդ կարգի հաստատութիւններէ» պահանջուող (établissement recevant du public – ERP – Catégorie 3) օրինական պահանջները եւ ապահովութեան չափանիշները: Իր ունեցած շէնքային պայմաններով եւ յարմարութիւններով՝ դպրոցը կրնայ հիւրընկալել աւելի քան 400 աշակերտ: Այսօր դպրոցը կը բաղկանայ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններէ՝ շուրջ 107 աշակերտներով, որոնք կը հետեւին որակեալ մանկավարժական խմբակի մը դասաւանդութեան՝ շաբաթական հինգ օրուան վրայ բաշխուած դասացուցակներով:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք դպրոցին կայքը։